image
Հրատապ լուրեր:

Հզօր եւ ատակ սփիւռքը Հայաստանի համար միակ գործօնն է.Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Հզօր եւ ատակ  սփիւռքը Հայաստանի համար միակ գործօնն է.Խաչիկ Տէր  Ղուկասեան

 

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցազրոյցը Քաղաքագէտ՝  Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին հետ 
-Պարտուած ենք, ծանր պարտութիւն է, քաղաքական, ռազմական, հոգեբանական առումներով։ Այո՛, ճակատամարտի մը պարտութին կրեցինք, բայց ոչ գոյութենական մեծ պատերազմի մը։ Այս բոլորէն ետք, ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ են միջոցները Հայաստանը դուրս բերելու այս իրավիճակէն։
 Իրողութիւնները պէտք է կոչել իրենց անունով. պատերազմին ծանր պարտութիւն կրեցինք, փոխանակ պատահածին զանազան յղացումներ փնտռելու՝ առաջին հերթին անհրաժեշտ է բանականացնել պարտութիւնը: Ինչո՞ւ պատահեցաւ այն, ինչ որ պատահեցաւ: Պատասխանը միայն անաչառ յանձնաժողով մը կրնայ բազմակողմանի հետազօտութենէ յետոյ բանաձեւել: Այդ մէկը չի կրնար ընել պարտութեան առաջնահերթ պատասխանատուութիւնը կրող իշխանութիւնը, ոչ ալ վեց ամիս ժամանակ կրնայ ուզել, այդ բացատրութիւնը պատումի կամ հեքիաթի ձեւով պատմութեան մէջ արձանագրելու համար: Պարտութեան, ռազմական դաշտին, դիւանագիտական մարզին թէ հանրային հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ, բանականացումը միակ միջոցն է պատմութենէն դասեր քաղելու եւ լաւագոյն ապագայ մը ծրագրելու համար այնքան, որքան կարելի է: Հետեւաբար, անհրաժեշտ պայման է կառավարութեան հրաժարականը՝ երկիրը այս իրավիճակէն դուրս բերելու համար: Անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար: Անցումային կառավարութիւնը, ներազգային (նկատի ունիմ ներհայկական եւ ոչ միայն ներհայաստանեան) թէ արտաքին ոլորտներու մէջ, դէմ յանդիման պիտի գայ ահաւոր մարտահրաւէրներու: Զանց կ՚առնեմ այդ յստակ, ուղենշային մարտահրաւէրները թուարկել, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ յստակ են եւ կը բաւարարուիմ բանաձեւելով երկու հիմնական ընդհանրացում: Առաջինը՝ հայրենիքի, որպէս ազգի պատմական հողատարածք, լինելութիւնն է, այսինքն՝ ոչ միայն պարտութեան վնասուց վերահսկողութեան (damage control) ճամբով անկախ պետականութեան վերապրումի ապահովումը անմիջական հանգրուանին, այլեւ՝ շրջանցելով կացութեան բնականոնացման այն այլընտրանքները, որոնք իրենց տնտեսական բարելաւման խոստումներու անուրջներով Հայաստանը կը դատապարտեն սահմանափակուելու միջազգային յարաբերութիւններու համար աննշան եւ զարգացման համար բացարձակօրէն կախեալ հողատարածքի մը մէջ: Երկրորդը՝ ազգային ներուժի համախմբումն է, հիմա՝ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու վերակառուցումը անցնող երկուքուկէս տարիներու ձախողութենէն յետոյ եւ քննադատականօրէն վերատեսութեան ենթարկելով անոնց նախորդած տարիներու ձեռքբերումներով հանդերձ արձանագրուած բացթողումները:

 

-Պատերազմը ծանր ազդեցութիւն, նաեւ հետեւանքներ կրնայ ունենալ աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեբանութեան վրայ։ Շուրջ երեսուն տարի աշխարհացրիւ հայութիւնը իր հոգիին մէջ փայփայելով յաղթանակի մեծ կայծը, այսօր ձեւով մը գլխահակ է ու պարտութեան առջեւ կքած։ Կա՞ն վիճակը փոխելու համար միջոցներ. ինչե՞ր են ատոնք։

 Կարծեմ բանալի բառը հոս վստահութիւնն է: Եւ այդ մարտահրաւէրը կը պատկանի Հայաստանի իշխանութիւններուն, ոչ թէ սփիւռքին, որովհետեւ աղիտալի երկրաշարժէն մինչեւ այս պատերազմը հայրենիքը սփիւռքի անշահախնդիր նուիրումին հարիւր տոկոսով վստահ ըլլալու փաստի պակաս չունի: Անկախութենէն անմիջապէս յետոյ սփիւռքի աշխոյժ ներգրաւումը հայրենիքի զարգացման գործընթացին մէջ, ինզքինք պարտադրեց որպէս ազգային օրակարգ: Այս կէտին, կարծեմ, անկախ պետականութենէն դէպի սփիւռք արձակուած առաջին նշաններն ու պատգամները քաջալերական չէին: Սփիւռքի ներգրաւումը ներհայրենական քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման մէջ, գոնէ մինչեւ 2008 թուականը չունեցաւ որեւէ հիմնակարգ, որպէս ոլորտ մը, որ կրնար համակարգանալ: Իսկ մինչեւ 1998 թուականը օրակարգի հարց իսկ չէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ճշդած «հայաստանցի» եւ «օտարերկրացի» հայու յստակ տարբերակումը: Այսինքն՝ տասը տարի առաւ մինչեւ որ հայրենիք-սփիւռք կապերու պաշտօնական հիմնակարգումի չափորոշում մը ճշդուեցաւ, իրերայաջորդ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներու ընդմէջէն: Հիմնական որոշում եւ յառաջընթաց էր Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ, հակառակ անցնող երկուքուկէս տարիներուն, անոր կազմալուծման արդարացման համար հրապարակ ելած ամէն զրպարտութիւններուն եւ կատարուած աշխատանքի սեւացման, նսեմացման, արհամարհման վատոգի փորձերուն, անոր գոյութեան տասնամեակին, հակառակ բոլոր բացթողումներուն եւ սրբագրելի կէտերուն, անվիճելի փաստեր կան յարաբերութիւններու համակարգումը հետզհետէ աւելի ամրագրելու եւ ամէն մակարդակներու փոխանակումները աշխուժացնելու կոչուած նախաձեռնութիւններու: Կը մնայ, որ երբ 1915-ի 100-ամեակին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն որակական նոր ոստում մը պիտի տրուէր՝ թէ՛ համահայկական խորհուրդի յառաջացումով եւ թէ Ազգային ժողովի մէջ սփիւռքի ներկայացուցչական հայեցակարգի ստեղծումով, հայրենի քաղաքական խաւին կողմէ կրկին խոչընդոտուեցաւ։ Իբր այդ ալ բացայայտ դարձուց սփիւռքի ամբողջական ներգրաւման հանդէպ ինչ-որ անհասկանալի վերապահութիւն: Վերջին երկուքուկէս տարուայ ընթացքին, սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները ոչ միայն լճացան, այլ մտան մեծ շփոթի մէջ: Ոչ ոքի համար յստակ էր, թէ ի՞նչ ծրագիր կար կամ միթէ՞ կար: Սփիւռքի նախարարութեան կազմալուծումն ու Գործերու յանձնակատարի անծանօթութիւնը սփիւռքեան համայնքներու՝ պատճառ դարձաւ, որ թէ՛ քորոնաժահրի, թէ՛ Լիբանանի մէջ աղիտալի պայթումի եւ թէ այս պատերազմի մարտահրաւէրներուն կարելի չըլլայ սփիւռքեան գործօնի կարողականութիւնը առաւելագոյնս օգտագործել: Սփիւռքը, բարեբախտաբար, համահայկական զօրաշարժ կազմակերպելու փորձառութիւն ունի առնուազն 1965-էն ի վեր, անկախ Հայաստանի մէջ իշխանութեան վրայ գտնուող ուժէն: Նաեւ չի՛ սակարկեր հայրենիքի զարգացման իր բերելիք ներդրումը: Երբ հարցը կը դրուի վստահութեան բանաձեւումով, կ՚ակնարկուի հիմնականին մէջ յարաբերութիւններու հիմնակարգումի քաղաքական կամքին կամ անոր բացակայութեան եւ մասնաւոր դէպքերու. ինչպէս՝ «Հայաստան» հիմնադրամի փոխանցած գումարներու չարաշահումը ըլլա՛յ նախկին իշխանութիւններու օրօք, ըլլայ Փաշինեանի կառավարութեան: Յետպատերազմեան այս հանգրուանին երեւի կարեւոր է նաեւ եթէ ոչ մասնաւորաբար, վերստեղծել հաւաքական ինքնավստահութիւնը, որ ձեռք բերուած էր Արցախի ազատագրութեամբ եւ յոյս ներշնչած՝ ազգային լինելութեան պատմական նոր երթի մը: Պարտութեան նուաստացուցիչ համաձայնագիր ստորագրած իշխանութիւնները նման ինքնավստահութիւն վերստեղծելու ատակ չեն: Թերեւս նման հեռանկար կարելի կ՚ըլլար յուսալ շատ աւելի հասարակական ոլորտի մէջ, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հսկայ ոլորտէն ներս, որուն կարողականութիւնը տակաւին լիովին չէ բնութագրուած եւ տեսականացուած: Պատճառը, կը կարծեմ, հայ քաղաքական մտածողութեան պետականակեդրոնութիւնն է եւ սփիւռքի մէջ «պետութեան նման մտածել»ու հին սովորութիւն մը: Այս ըսելով ո՛չ կը թերգնահատեմ պետական մտածողութիւնը, ո՛չ ալ կը ժխտեմ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց հիմնակարգումի համոզումս: Պարզապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրեմ Հայաստան-սփիւռք հանրային հասարակական յարաբերութիւններու կարեւորութեան վրայ: Մանաւանդ, երբ ազգային լինելութեան ինքնավստահութեան վերահաստատման խնդիր կայ:


-«Ազգ-բանակ», «հզօր բանակ» եւ նմանատիպ այլ լոզունգներ մեզի համար դարձան ճանապարհ ցոյց տուող, ճամբայ բացող մօտեցումներ, այսօր այդ առումով մենք բարեփոխումներու կարիքն ունի՞նք։

 Անկախ օգտագործուելիք յղացքէն եւ անոր քաղաքական-գաղափարախօսական ընկալումէն, թէ՛ ներհայկական, թէ՛ արտաքին-յարաբերական ոլորտին մէջ, Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը կը պարտադրէ զինուորական մնայուն զգաստութեան գիտակցութիւն: Խաղաղասիրական ենթադրութիւնները եւ ընդհանրապէս այսպէս կոչուած «ազատական միջազգայնականութեան» (liberal internationalism) կամ «ժողովրդավարութեան խաղաղութեան» (democratic peace) տեսութիւններու հիման վրայ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութիւն մշակելը շատ սուղ գին կը պահանջէ: Բացի եթէ հաշտուինք առանց Արցախի, շատ հաւանաբար առանց Սիւնիքի հողատարածքով, ուրկէ Արարատին նայիլը այլեւս կ՚իմաստազրկուի: Ռազմատենչութիւն չէ այս, ոչ ալ խաղաղասիրութեան ժխտում, այլ՝ անկախ պետականութեան եւ ազգային գերիշխանութեան վերապրումի, իմաստաւորումի եւ հեռանկար ունենալու պայմանաւորում, անկախ թէ ներազգային ոլորտի մէջ ի՛նչ կը պատահի կամ ո՛վ է իշխանութեան գլուխ: Եւ այս համոզումը համահայկական պիտի ըլլայ, այսինքն՝ նաեւ սփիւռքին, զոր պէտք է ներգրաւել ազգային պաշտպանական գործին մէջ: Անգամ մը որ այս համոզումը հաստատագրուի, մնացեալը արդէն հիմնականին արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեանց ծրագրաւորումը եւ տնտեսական, ի մասնաւորի գիտահետազօտական եւ արդիւնաբերական մարզերու, զարգացման ռազմավարական -եւ ոչ ազատշուկայական- ուղղուածութեան ճշդումի խնդիր է:


-Պատերազմի ողջ քննութիւնը, սխալներու, բացթողումներու, նաեւ յանցաւորներու ու մեծ եւ անասելի մեղաւորութիւններու իրական բացայայտումը՝ կ՚օգնե՞ն մեզի թօթափելու համար այս մեծ վիշտը։ Ինչպէ՞ս։

 Երկու իմաստով: Առաջին՝ պատահածին իրականութեան բացայայտումը եւ իշխանութիւններու պատասխանատուութեան ճշդումը: «Պատասխանատու եմ, բայց ոչ մեղաւոր»ի նման յայտարարութիւնները միայն սոփեստութիւն չեն, այլ պարտութեան պատասխանատուութեան գինը վճարելէ խուսափում: Պարտութիւնը հետեւանք էր քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական ծրագրումի ապիկարութեա՞ն, թէ՞ անոր արդիւնքի մասշտապին գիտակցութիւնը ի սկզբանէ առկայ էր առնուազն իշխանութեան ամենավերին օղակի անմիջական շրջանակին մօտ: Երկրորդ՝ եւ աւելի կարեւոր, այդ քննութիւնը ենթահող է սխալներու սրբագրութեան, ի խնդիր լաւագոյն ապագայի ծրագրաւորումին:


-Հայաստանի կրած մեծ հարուածէն ետք, որքանո՞վ ճիշդ է այն վարկածը, որ այսօր մենք կարիքն ունինք հզօր եւ մշտատեւ սփիւռքի մը։ Որպէս սփիւռքի մէջ ապրող գործիչ, ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով։

 Հզօր եւ քաղաքականապէս զօրաշարժի ատակ սփիւռքը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Հայաստանի գոյութեան միա՛կ գործօնն է: Այլապէս ո՛չ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ ոչ ալ տնտեսութիւնը դոյզն կարեւորութիւն ունին միջազգային յարաբերութիւններուն համար: Երկրորդի պարագային երեւի շատ բացատրութեան կարիք չկայ, Հայաստանը ոչինչով շահագրգռութիւն կը ներկայացնէ միջազգային տնտեսութեան համար: Ինչ կը վերաբերի անոր աշխարհաքաղաքական դիրքին, այսպէս կոչուած Արեւելք-Արեւմուտքի խաչմերուկին վրայ գտնուող երկիր, ապա եւ նոյն բանաձեւումը շատ աւելի համոզիչ կերպով կրնան առաջ քշել Հայաստանի անմիջական հարեւանները, Ատրպէյճանն ու Վրաստանը, առանց տակաւին խօսելու Թուրքիոյ մասին, եւ շատ աւելի շահագրգռութիւն ստեղծել: Աւելի՛ն, Հայաստանէն դէպի աշխարհ նայելու Արեւելք-Արեւմուտք սահմանափակումը անտեսած է Հարաւի մէջ Հայաստանի համար առկայ քաղաքական թէ տնտեսական բոլոր հնարաւորութիւնները: Այնպէս որ Վարդան Օսկանեանի արտաքին քաղաքականութեան «լրացուցչականութիւն»ը, որ կը վերաբերէր Արեւելք-Արեւմուտքին, հարկ է տեղադրել Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, ուր շատ աւելի աշխատանքի դաշտեր կը բանայ, քան միջպետական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ: Սփիւռքի «ռազմավարական գործընկերութիւն»ը լոզունգի եւ ճառաբանութեան սահմաններէն անդին հազիւ անցաւ անկախութենէն յետոյ եւ ամէն համագործակցութիւն որ տեղի ունեցաւ, եղաւ յաճախ պատահական։


Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս