image

«Հըզպալլա»ի Առաջնորդը «Բարի Լոյս» Ըսաւ Տաւութօղլույին

«Հըզպալլա»ի Առաջնորդը «Բարի Լոյս»  Ըսաւ Տաւութօղլույին

 Լիբանան- (Al Jadeed-Պէյրութ)  «Հըզպալլա»ի  ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա         կուսակցութեան   նահատակներու  նահատակ զաւակներուն վկայականաց բաշխման հանդիսութեան  ընթացքին  պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով    Թուրքիոյ իշխանութիւններուն    ուղղելով իր խօսքը   նկատել տուաւ, որ անոնք ուշացած է ISIS -ի դէմ իրենց կեցուածքներու    կողմնորոշման  մէջ: Նասրալլա,  Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլույի  վերջին օրերուն   կատարած յայատարարութիւններուն ակնարկելով   ըսաւ ՝«Բարի Լոյս»: Շիիթ  առաջնորդը նաեւ   նկատել տուաւ, որ  վերջին տարիներուն   ահաբեկչական  խմբաւորումներուն    երեւելի նեցուկ  ցոյց տուած բոլոր կողմերը  պիտի տուժեն եւ  հարուածներ պիտի ստանան իրենց իսկ ստեղծած  ISIS-էն:   «Հըզպալլա»ի առաջնորդը  յիշեցուց,  որ  իրենց համար  Միացեալ Նահանգներ ինչպէս երէկ այսօր եւս կը հանդիսանայ   «մեծագոյն սատանան» եւ այդ մէկը կապ չունի  Իրան- Միացեալ Նահանգներ  համաձայնութեան   հետ: