Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը, ամենայն հաւանականութեամբ, կրնայ հարուածել Իսրայէլը՝ անկախ այն բանէ, թէ Իրանը ինչ մտադրութիւն ունի. այս մասին CNN-ին յայտնած են հետախուզական տուեալներուն ծանօթ երկու աղբիւրներ:
Անոնցմէ մէկն ըսած է, որ «Հըզնալլա» ծրագրման հարցով աւելի արագ կը շարժի, քան Իրանը եւ կը պատրաստուի հարուածելու Իսրայէլը յառաջիկայ օրերուն: Մինչդեռ Իրանը կարծես թէ դեռ կը մշակէ Իսրայէլին իր պատասխանը, լրատուամիջոցին ըսած են բազմաթիւ պաշտօնեաներ:
Ամերիկացի զինուորականներէն մէկը CNN-ին պատմած է, որ Իրանը կատարած է որոշ, բայց ոչ բոլոր նախապատրաստութիւնները, որոնք ԱՄՆ-ն կ՚ակնկալէ տեսնել Իսրայէլի վրայ խոշոր յարձակման նախաշեմին:
Անհասկնալի է, թէ Իրանը եւ «Հըզպալլա»-ն ինչպէ՞ս կամ արդեօք կը համակարգե՞ն հնարաւոր յարձակումը, ըսած է քաջատեղեակ աղբիւրը՝ չբացառելով, որ հաւանական հարուածի հարցով այս երկուքը կրնան նաեւ համակարծիք չըլլալ: