image

«Հըզպալլա» Իսրայէլին հարուածի ծրագրման հարցով աւելի արագ կը շարժի, քան Իրանը. վերջինս դեռ կը մշակէ իր պատասխանը. CNN

«Հըզպալլա» Իսրայէլին հարուածի ծրագրման հարցով աւելի արագ կը շարժի, քան Իրանը. վերջինս դեռ կը մշակէ իր պատասխանը. CNN

Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը, ամենայն հաւանականութեամբ, կրնայ հարուածել Իսրայէլը՝ անկախ այն բանէ, թէ Իրանը ինչ մտադրութիւն ունի. այս մասին CNN-ին յայտնած են հետախուզական տուեալներուն ծանօթ երկու աղբիւրներ:

Անոնցմէ մէկն ըսած է, որ «Հըզնալլա» ծրագրման հարցով աւելի արագ կը շարժի, քան Իրանը եւ կը պատրաստուի հարուածելու Իսրայէլը յառաջիկայ օրերուն: Մինչդեռ Իրանը կարծես թէ դեռ կը մշակէ Իսրայէլին իր պատասխանը, լրատուամիջոցին ըսած են բազմաթիւ պաշտօնեաներ:

Ամերիկացի զինուորականներէն մէկը CNN-ին պատմած է, որ Իրանը կատարած է որոշ, բայց ոչ բոլոր նախապատրաստութիւնները, որոնք ԱՄՆ-ն կ՚ակնկալէ տեսնել Իսրայէլի վրայ խոշոր յարձակման նախաշեմին:

Անհասկնալի է, թէ Իրանը եւ «Հըզպալլա»-ն ինչպէ՞ս կամ արդեօք կը համակարգե՞ն հնարաւոր յարձակումը, ըսած է քաջատեղեակ աղբիւրը՝ չբացառելով, որ հաւանական հարուածի հարցով այս երկուքը կրնան նաեւ համակարծիք չըլլալ: