image

«Հըզպալլա»ի ռազմիկը զոհ՝ անարգ ոճիրի (Տեսանիւթ)

 «Հըզպալլա»ի ռազմիկը զոհ՝  անարգ ոճիրի (Տեսանիւթ)

 Երէկ երեկոյեան անարգ ոճիր մը ցնցած է Լիբանանը։

Անյայտ անձեր   մուտք գործած են Ժիյէ շրջանի բացօթեայ  ճաշարաններէն մին (ուր տեղի կ՚ունենար հարսանեկան հաւաքոյթ), ու  սառը մօտեցումով սպաննած են  Լիբանանցի քաղաքացի մը։

 

 Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ սպաննուածը   կը կոչուի Ալի Շըպլի  եւ անդամ է «Հըզպալլա» կուսակցութեան։

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ  Շըպլի  մասնակցած է    Իսրայէլի դէմ մղուած մարտերուն։

 

   Դէպքէն ժամեր անց  թեման քննարկամ առարկայ դարձած է ընկերային ցանցերու վրայ, եւ կարգ մը աղբիւրներ գրած են, որ  ոճիրը  կապ ունի  ճիշդ տարի մը առաջ  Խալտէ շրջանին մէջ եղած  արիւնալի դէպքերուն հետ։

 Յիշեցնենք, որ Խալտէի   մասին  «Արեւելք»  գրած էր  տարի մը  առաջ, նշելով, որ   բախումները եղած էին  տեղի արաբ աշիրէթներու   զինեալներուն  եւ   «Հըզպալլա»ի անդամներուն միջեւ, որուն հետեւանքով ալ զոհուած էին  երկու անձեր։