Զինեալ բախումներ գրանցուած են Պէյրութի հարաւային հատուածի Խալտէ շրջանին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լիբանանեան MTV կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ բախումները հետեւանք են շիիթներու «Աշուրա» սգատօնի յիշատակին որմազդի մը բարձրացման ընթացքին եղած վիճաբանութեան։
Կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ բախումները տեղի կ՚ունենան «Հըզպալլա»ի զինեալներուն եւ շրջանի բնակիչներուն միջեւ եւ այս պահու դրութեամբ ծանր կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած են 2 անձեր եւ կան 3 վիրաւորեալներ։
Կը նշուի նաեւ, որ մինչեւ այս պահը կրակոցներու ձայնը կը շարունակուի, եւ զինեալները բախումներու ընթացքին օգտագործած են հրձիգ ռումբեր։
Քաղաքական շրջանակներ հետամուտ են կրակմար հաստատելու միտուած ճիգեր իրականացնել , սակայն մինչեւ այս պահը այդ ճիգերը չեն յաջողած։