image

Հուսիները յայտարարած են Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան վրայ հրթիռային յարձակման մասին

Հուսիները յայտարարած են Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան վրայ հրթիռային յարձակման մասին

Կազայի հատուածի մէջ հրադադարի մասին համաձայնութեան հասնելէն յետոյ Եէմենի հիւսիսը իշխող հուսիներու «Անսար Ալլա» ռազմաքաղաքական շարժումը յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան վրայ նոր յարձակում իրականացնելու մասին:

«Մենք ռազմական գործողութիւն իրականացուցած ենք՝ հրթիռային հարուած հասցնելով պաշտպանութեան նախարարութեան բռնագրաւուած Եաֆայի մէջ (Թել Աւիւ. խմբ.)։ «Զուլֆիքար» բարձր ճշգրտութեամբ հրթիռը հասած է թիրախին, հակահրթիռային համակարգերը չեն կարողացած որսալ այն»,- ըսած է հուսիներու ռազմական ներկայացուցիչ Եահիա Սարիան «Ալ Մասիրա» հեռատեսիլային ալիքի եթերով:

Անոր խօսքով՝ հուսիներն իրենց գործողութիւնները կը համակարգեն պաղեստինեան դիմադրութեան հետ՝ հրադադարի մասին համաձայնագիրի կատարման ընթացքին հակառակորդի կողմէ կատարուած ցանկացած խախտման կամ ռազմական սրացման պարագային համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով:

Հրադադարի մասին համաձայնագիրը պէտք է ուժի մէջ մտնէ 19 յունուարին՝ տեղական ժամանակով 08:30-ին (Երեւանի ժամանակով 09:30-ին):