image

Հրատը բնակեցնելու գաղափարը վտանգաւո՞ր. Բրիտանացի գիտնականին տեսակէտը

Հրատը բնակեցնելու գաղափարը վտանգաւո՞ր. Բրիտանացի գիտնականին տեսակէտը

 

Բրիտանացի աստղաֆիզիքոս Մարթին Ռիսը քննադատած է SpaceX-ի հիմնադիր Իլոն Մասքի` Հրատը բնակեցնելու գաղափարը՝ այն անուանելով «վտանգաւոր մոլորութիւն»:
«Հրատի վրայ ապրիլն աւելի լաւ չէ, քան Հարաւային բեւեռին մէջ կամ Էվերեսթի գագաթին ապրիլը», - գիտնականի խօսքը մէջբերած է Sky News գործակալութիւնը:

Մէկ ուրիշ աստղաֆիզիքոս Նիլ Տեկրաս Թայսընը, իր հերթին, ընդգծած է, որ Հրատի վրայ հարմարաւէտ ապրելու համար մարդիկ ստիպուած պիտի ըլլան այնտեղ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծել, այսինքն՝ «Կարմիր մոլորակը վերածել երկրի»:

Յիշեցնենք, որ ամերիկացի գործարար եւ SpaceX ընկերութեան սեփականատէր Իլոն Մասքը խոստացած է մինչեւ 2050 թուականը Հրատ ուղարկել մօտ մէկ միլիոն մարդ: