Արցախի պաշտպանութեան բանակը տեսանիւթ հրապարակած է, ուր երեւելի կը դառնայ, թէ ինչպէս Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ականանետերէ կը կրակեն Արցախի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերու վրայ:
Աւելի վաղ NEWS.am-ը յայտնած էր, որ այսօր՝ մայիս 30-ին Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու շփման գիծի հիւսիսային եւ արեւելեան ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը` կիրառելով հրաձգային զէնք եւ ականանետ։
Ժամը 11։40-ի սահմաններուն ատրպէյճանական կողմը նախնական տուեալներով 60 մմ տրամաչափի ականանետէ 7 ական արձակած է Պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն մէկու ուղղութեամբ։
Հայկական կողմը կորուստներ չունի։ Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։ Մայիս 30-ի ժամը 13։00-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին յարաբերականօրէն կայուն է։