image

Հրապարակուած է տեսանիւթ, ուր երեւելի կը դառնայ, թէ ինչպէս Ատրպէյճան ականանետեր կը կիրառէ հայկական դիրքերուն դէմ (Տեսանիւթ)

Հրապարակուած է տեսանիւթ, ուր երեւելի կը դառնայ, թէ ինչպէս Ատրպէյճան ականանետեր կը կիրառէ հայկական դիրքերուն դէմ (Տեսանիւթ)

Արցախի պաշտպանութեան բանակը տեսանիւթ հրապարակած է, ուր երեւելի կը դառնայ, թէ ինչպէս Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ականանետերէ կը կրակեն Արցախի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերու վրայ:

Աւելի վաղ NEWS.am-ը յայտնած էր, որ այսօր՝ մայիս 30-ին Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու շփման գիծի հիւսիսային եւ արեւելեան ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը` կիրառելով հրաձգային զէնք եւ ականանետ։

Ժամը 11։40-ի սահմաններուն ատրպէյճանական կողմը նախնական տուեալներով 60 մմ տրամաչափի ականանետէ 7 ական արձակած է Պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն մէկու ուղղութեամբ։

Հայկական կողմը կորուստներ չունի։ Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։ Մայիս 30-ի ժամը 13։00-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին յարաբերականօրէն կայուն է։