image

Հնդկաստանը Հայաստան ուղարկած է «Աքաշ» զենիթահրթիռային առաջին մարտկոցը. The New Indian Express

Հնդկաստանը Հայաստան ուղարկած է «Աքաշ» զենիթահրթիռային առաջին մարտկոցը. The New Indian Express

Հնդկաստանը Հայաստան ուղարկած է «Աքաշ» զենիթային հրթիռային համալիրի առաջին մարտկոցը. նման պնդմամբ հանդէս եկած է The New Indian Express-ը։

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ պաշտպանական հետազօտութիւններու եւ զարգացման կազմակերպութեան ( Defense Research and Development Organization) մշակած եւ Bharat Electronics Limited (BEL) ընկերութեան արտադրած «Աքաշ»-ը «երկիր-օդ» դասի հրթիռ է, որ կրնայ 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ խոցել  կործանիչներ, հրթիռներ (թեւաւոր, «երկիր-օդ» դասի), անօդաչու սարքեր եւ այլ օդային միջոցներ։ 

«Աքաշ» զենիթահրթիռային համալիրի իւրաքանչիւր մարտկոց համալրուած է Rajendra 3D  ելեկտրոնային դիտող եւ նկարահանող ռատարով եւ չորս արձակման կայանով՝ իւրաքանչիւրը երեք հրթիռով, որոնք բոլորը փոխկապակցուած են: