Հիւսիսային Քորէան կը պատրաստուի վերսկսելու երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Չինաստանի հետ: Այդ մասին յայտնած է Հարաւային Քորէայի միաւորման նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Չա Տոք Չոլը:
Անոր խօսքով՝ Սէուլի մէջ նկատած են նշաններ, որոնք ցոյց կու տան Չինաստանի հետ սահմանին Հիւսիսային Քորէայի տարածաշրջաններուն մէջ առեւտուրի վերսկսման նախապատրաստումը:
Աւելի վաղ Քորէայի Հանրապետութեան Ազգային հետախուզական ծառայութիւնը հարաւքորէացի խորհրդարանականներուն յայտնած է, որ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերսկսման շուրջ բանակցութիւններ կան Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հետ: Գերատեսչութեան տուեալներով՝ գնացքները կրնան երթեւեկել Չինաստանի Տանտուն քաղաքի եւ Հիւսիսային Քորէայի Սինիյճուի միջեւ արդէն Նոյեմբերի սկիզբը:
«Դժուար է կանխատեսել վերսկսման ստոյգ օրը: Մենք պիտի շարունակենք ուշադրութեամբ հետեւիլ անոր հետ կապուած տեղափոխութիւններուն», ըսած է Չա Տոք Չոլը: Չինաստանը Հիւսիսային Քորէայի հիմնական տնտեսական գործընկերն է: «Քովիտ»ի համավարակին պատճառով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը զգալիօրէն կրճատուած է: Անոնց միջեւ առեւտուրի ծաւալը 2020-ին կազմած է 539 միլիոն տոլար, որ 80,7 տոկոսով պակաս Է 2019-ի նոյն ժամանակամիջոցի համեմատութեամբ:
«Քովիտ»ի համավարակի պայմաններուն մէջ Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները 2020-ի սկիզբը ընդունեցին արտակարգ միջոցներ երկրի պաշտպանութեան համար, ընդ որում փակուեցան պետութեան սահմանները: