Մեր օրերու ծանր եւ հարցադրումներով լեցուն զարգացումներու լոյսին տակ, տակաւին կը գտնուին հայորդիներ, որ ամէն դժուարութիւն անտեսելով իրենց ընտանեկան բոյնը կը կազմեն հայրենի երկրնակամարին տակ։
Այս առումով ուրախալի լուրը, որ ստացանք կը վերաբերի հալէպահայ զոյգեր ՝ Կարօ Պոզագալեանի եւ Արեւիկ Շէօհմելեանի ամուսնութեան։
Բարի լուրին մասին տեղեկութիւնը ստացանք ամուսնացեալ զոյգի մօտիկ բարեկամներէն, որ նաեւ նշեց, որ նորապսակները այս օրուան կը սպասէին արդէն հինգ տարիներէ ի վեր։
Նշենք նաեւ, որ ընտանիքի անդամներու, հարեզատներու եւ բարեկամներու մեծ շրջանակի ներկայութեան նորապսակներու ամուսնութեան խորհուրդը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։
Այսքան դժուարին ժամանակներուն, մեզի համար ալ, որպէս «Արեւելք» մեծ ուրախութիւն է նման գեղեցիկ եւ դրական խորհուրդներով զեղուն լուրերը հաղորդել մեր ընթերցող հասարակութեան։
Շնորհաւորութիւններ։