Միացեալ Նահանգներ- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու Տէմոքրաթական կուսակցութեան գլխաւոր թեկնածու համարուող Հիլարի Քլինթըն գրած է, «Այո՛ Իսլամ մը իրաւունք ունի ԱՄՆ-ու նախագահ դառնալ»: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Ալ Հայաթ»ին կողմէ:Թերթը նաեւ կը նշէ, որ Քլինթըն այս Twitter-եան գրառումը կատարած է հակադարձելով կուսակցութեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն ամէնէն հաւանական թեկնածու Պըն Քարսընին(հանրապետական), որուն համոզումով իսլամութիւնը եւ ամերիկայի սահմանադրութիւնը իրար հակասող դրոյթներ ունին: Նշենք, որ ԱՄՆ-ու նախկին առաջին տիկինը, իր գրառման մէջ յիշատակած է Ամերիկայի սահմանադրութեան վեցերորդ կէտը, որուն համայձայն որեւէ ամերիկացիի առաջ իր կրօնական համոզումներուն համար պաշտօնի մը ստանձման դէմ արգելքներ պէտք չէ դրուին: