image

ՀՀ զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու որեւէ փորձ պիտի արժանանայ համարժէք իրաւական գնահատականի. ՊՆ

ՀՀ զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու որեւէ փորձ պիտի արժանանայ համարժէք իրաւական գնահատականի. ՊՆ

Համացանցի մէջ տեսանիւթ տարածուած է Տաւուշի մարզի Կիրանցի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական արշաւին զինուորական համազգեստով անձանց միանալու վերաբերեալ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութիւնը միջոցներ ձեռնարկած է զինուորական համազգեստով անձանց ինքնութիւնը պարզելու եւ տարածուող տեղեկատւութեան գնահատական տալու ուղղութեամբ:

Միեւնոյն ժամանակ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը զգուշացուցած է, որ ՀՀ զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու որեւէ փորձ պիտի արժանանայ համարժէք իրաւական գնահատականի: