image

ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ նախորդ տարի գրանցուած է 40 մահուան դէպք. Դատախազութիւնը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է

ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ նախորդ տարի գրանցուած է 40 մահուան դէպք. Դատախազութիւնը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է

2024 թուականի ընթացքին ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ զոհուած (մահացած) է 40 զինծառայող, որմէ ծառայութեան հետ կապուած հանգամանքներու մէջ՝ 27 զինծառայող (հակառակորդի կողմէ՝ 4 ԵԿՄ անդամ, սպանութեան հետեւանքով՝ 5, որմէ՝ 1 ԵԿՄ անդամ, 1 վարժական հաւաքի մասնակից (հրդեհ), ինքնասպանութիւն եւ ինքնասպանութեան հասցնել՝ 7, ճանապարհափոխադրային պատահար՝ 4, մարտական մեքենաներ վարելու կանոններու խախտում՝ 1, օդանաւային վթար՝ 2, հիւանդութիւն՝ 3, որմէ 1 ԵԿՄ անդամ եւ դժբախտ պատահար՝ 1), ծառայութեան հետ չկապուած հանգամանքներու մէջ՝ 13 զինծառայող (հիւանդութիւն՝ 3, ճանապարհափոխադրային պատահար՝ 7, ինքնասպանութիւն՝ 1, դժբախտ պատահար՝ 2):

Այս մասին յայտնած են Ընդհանուր դատախազութենէն:

Նախորդ տարուան ընթացքին Զինուած ուժերու համակարգին մէջ արձանագրուած է 2093 դէպք (2023 թուականին՝ 2358 դէպք): Դէպքերէն 762-ը եղած են պատահարներ (2023 թուականին՝ 803), 1331-ը ենթադրեալ յանցագործութեան դէպքեր (2023 թուականին՝ 1555), այդ շարքին՝ 715-ը` զինուորական (2023 թուականին՝ 847), 616-ը` այլ յանցագործութիւններ (2023 թուականի՝ 708), 178-ը՝ ծանր (2023 թուականին՝ 242), 39-ը՝ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններ (2023 թուականին՝ 78):