image

ՀՀ-ն յանձնառու է պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ նոյնը կ՚ակնկալէ Թուրքիայէն. ԱԳՆ

ՀՀ-ն յանձնառու է պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ նոյնը կ՚ակնկալէ Թուրքիայէն. ԱԳՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձնառու է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ Անգարայէն ալ նոյնը կ՚ակնկալէ: Այս մասին յայտնած են արտաքին գործոց նախարարութենէ։

Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան չէր բացառած Հայաստանի հետ սահմանի բացման հնարաւորութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի դրական ելքի պարագային։

ՀՀ ԱԳՆ-էն պարզաբանած են, որ Երեւանը Անգարայէն նոյն յանձնառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը կ՚ակնկալէ, այդ շարքին`նաեւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցող անձանց համար հայ-թրքական ցամաքային սահմանի բացման հարցով:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հարցով յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման, ապա ԱԳՆ-էն նշած են, որ յստակ պայմանաւորուածութեան առկայութեան պարագային հանրութիւնը պիտի իրազեկուի պատշաճ ժամկէտի մէջ։