Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Յակոբեանը կանչուած է հրէական պետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է The times of Israel-ը:
Նշուած է, որ նման որոշում կայացուած է Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման յայտարարութենէն ետք։
Դեսպանը կանչած են նկատողութիւն տալու եւ զրուցելու նպատակով։
«Հայաստանի կողմէ պաղեստինեան պետութեան ճանաչման հետեւանքով Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը՝ խիստ նկատողութիւն յայտարարելու համար»,–ըսուած է յայտարարութեան մէջ: