image

ՀՀ Դեսպանուհին իր հաւատարմագրերը յանձնեց՝ Կիպրոսի նախագահին

ՀՀ Դեսպանուհին իր հաւատարմագրերը յանձնեց՝ Կիպրոսի նախագահին

 Օրերս Կիպրոսի մէջ նորանշանակ դեսպանուհի՝ Իննա Թորգոմեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին։

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Կիպրոսի Խորհրդրարանէն ներս  Պետական Ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի պաշտօնական էջէն (Ի դէպ Վարդգէս Մահետեսեան ի պաշտօնէ ներկայ եղած է սոյն արարողութեան)։

Ստորեւ  տրուած լրատւութիւնը՝

 

Այսօր՝ դէպի Նախագահական Պալատ պատիւը ունեցայ ընկերակցելու Հ. Հ. նորանշանակ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Իննա Թորգոմեանին, որ պաշտօնապէս իր հաւատարմագրերը ներկայացուց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Ն. Վ. Պրն. Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին։

Այս առիթով անգամ մը եւս լիակատար յաջողութիւն կը մաղթենք դեսպանին կարեւոր առաքելութեան։