image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՅԸ ՀԱՅ Է...

ՀԱՅԸ  ՀԱՅ Է...

Դաւիթ Անանուն ուսումնասիրելով անցեալի մեր պատմութեան էջերը կը գրէ. «Անյաղթելի հանգամանքների բերմամբ՝ հայոց թագաւորութիւնը կորցրեց իւր քաղաքական գոյութիւնը եւ Հայաստանը բաժանուեցաւ երեք տէրութեանց մէջ...»: Այս բնութագրումէն մօտաւոր դար մը ետք՝ մենք մեզ դարձեալ կը գտնենք նոյն իրավիճակին մէջ, սակայն այս անգամ ո՛չ թէ ուրիշ տէրութեանց՝ այլ մենք մեր միջեւ բաժնուելով եւ մասնատուելով: Բաժնուած յարանուանութիւններու, կուսակցութիւններու եւ տարբեր տարբեր հոսանքներու: 

Բաժանումէն ու մասնատումէն աւելի վտանգաւոր՝ դարձած ենք թշնամի ու մրցակից՝ իրար չյարգող ու չսիրող: Հասարակաց առաջնահերթութիւնը անտեսելով (որն է մեր Հայութիւնը), այլ փուճ սահմանաչափեր դարձուցած ենք աւելի կենսական: Այլ խօսքով՝ պիտակաւորած ենք մենք մեզ եւ սկսած ենք իրար դատել, յարգել ու լսել այդ պիտակներու ձգած ազդեցութեան տակ: 

Նոյնիսկ հայրենիքի համար կատարուած անձնազոհութիւնն ու նուիրումը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի՝ եթէ դիմացինը չի՛ համապատասխաներ մեր պիտակին, որովհետեւ մեր արիւններուն մէջ սրսկած են այն ախտը, որ եթէ մեզմէ չէ՛ ի՛նչ ալ ընէ՝ յաջող չէ ու վե՛րջ: 

***

Աշխարհի ո՛ր կողմն ալ գտնուիս, ո՛ր կուսակցութեան անդամ ըլլաս, ի՛նչ հոսանքով ալ տարուած ըլլաս պէտք է ընդունիս որ այսօրը՝ 27 Յուլիսը  Հայոց Հարցի պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն մէկն է: Այսօր հինգ երիտասարդ մատղաշ տղաք՝ Սիմոն, Սագօ, Վաչէ, Սեդրակ եւ Արա Հայ Դատի միջազգայնացման աշխատանքին ծիրէն ներս, անտեսելով կեանքի վայելքները, զուարճութիւններն ու հաճոյքները իրենց կեանքը որպէս զոհ կը նուիրաբերեն Հայոց Հարցի զոհասեղանին: Այսօր հինգ հայ երիտասարդներ Հայոց Հարցով տոչորուած իրենց արարքով կ'ուզեն իրենց ձայնը բարձրացնեն՝ լսելու դարձնելու համար մեր անտեսուած Հարցը: 

Շատերու համար ընդունելի, ուրիշներու համար գնահատելի եւ ոմանց համար քննադատելի այս արարքը իր մէջ կը ներառէ հիմնական ու կարեւոր մէկ կէտ. մտածե՛լ ու պայքարիլ Հայոց Հարցին համար: Սակայն այսօրուայ գրութեանս նպատակն ու առաջադրութիւնը անոնց արարքի վերլուծումն ու արժեւորումը չէ, այլ՝ ամօթի մը մատնանշումը: 

Պատանեկութենէս ցայսօր մի՛շտ հետեւած եմ Հայրենիքի համար ինքնազոհ հերոսներու համար կազմակերպուած ոգեկոչումներու (առանց կուսակցական խտրութիւններու) եւ այդտեղ նկատած հետեւեալ ծանակութիւնը.- Ամէն տարի Յունիսի 15-ին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կ'ոգեկոչէ կախաղան բարձրացած 20 կախաղաններու յիշատակի օրը... ոգեկոչման ներկայ կը գտնուին միա՛յն Հնչակեան Կուսակցութեան անդամներ (բացակայութեամբ միւսներուն): Ամէն տարի Յուլիս 27-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կ'ոգեկոչէ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակի օրը... ոգեկոչման ներկայ կը գտնուին միա՛յն Դաշնակցականներ (բացակայութեամբ միւսներուն):

Նմանատիպ «զաւեշտ» մը տեսանք անցնող Արցախեան պատերազմին. հայկական մամուլ մը կը գրէր. «օրեր առաջ զոհուել է իմ քայլական զինուոր մը...»: Եւ հո՛ս է որ կու գայ կարեւոր հարցումը. Հայը հայ չէ՞...

Խորագիրս դրի Հայը Հա՛յ է, որովհետեւ ցաւօք պատմութիւնը կը վկայէ թէ հայուն մեծագոյն թշնամին հայը ինքն է: Ցաւ ի սիրտ, մեր իրականութեան մէջ ստեղծուած է այնպիսի դրութիւն, որ մարդ հայ ըլլալէ առաջ նախ բաժնուած է յարանուանութիւններու՝ որպէս Առաքելական, Կաթողիկէ, Բողոքական եւայլն... եւ ապա կուսակցութեանց՝ Դաշնակցական, Հնչակեան, Ռամկավար եւայլն: 

Այստեղ մեղադրուողը ո՛չ կուսակցութիւններն են, ո՛չ ալ յարանուանութիւնները. Մեղադրուողը ԵՍ ու ԴՈՒՆ ենք, որովհետեւ հիմնական արժէքներ լուսանցքէ դուրս դնելով անկարեւորը առաջնահերթ կը դարձնենք, որ մեզ բարոյապէս տկարացնելէ այլ բանի չի՛ ծառայեր: Պէտք է սորվինք տարբերութիւնը գիտնալ կատարուած արարքին եւ արարքը կատարողին: 

Ոտնագնդակի խաղ նայա՞ծ էք երբեւէ. խումբին մարզիկները կրնան տարբեր տարբեր երկիրներէ եկած ըլլան՝ սակայն անոնցմէ մէկուն արձանագրած յաջողութեամբ ամբողջ խումբն է որ կը յաղթէ: Եւ այդ խումբը մեր Հայաստանն է՝ կուսակցութիւններն ու յարանուանութիւնները՝ մեր տարբերութիւնները, սակայն նպատակը մէկ է՝ խումբին յաղթանակը: 

Փարամազը, Սեդրակը, Դրօն, Անդրանիկը, Վաչէն, Արան, Արամը, Հրայրը անոնց նման ուրիշ հերոսներ յիշատակելու համար բաւարար է ՀԱՅ ըլլալ, որովհետեւ անկախ իրենց «պատկանելիութեան» անոնք անձնազոհութեամբ մինչեւ իրենց կեանքը նուիրած են Հայ ազգին: 

Արդ, փառք բոլոր այն հերոսներուն, որոնք անկախ իրենց պատկանելիութենէն նուիրուած են Հայ ազգի ազատագրման սրբազան գործին:

Մի՛շտ յիշենք աւելի քան դար մը առաջ ապրած հայ բանաստեղծ ու թատերագիր  Խորէն Նար Պէյի խրատական խօսքերը.-

«Հայ ապրինք եղբայրք, մարդկութեան մէջը,

Հայ կնքեր է մեզ պատմութեան էջը.

Հայ անուամբ զմեզ կ’ողջունէ երկինք,

Եղբայրք Հայ ապրինք»:

 

Հրայր Տաղլեան 

 

 

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...