image

Հայրենի գրող Արամ Պաչեան մրցանակի տիրացաւ

Հայրենի գրող Արամ Պաչեան մրցանակի տիրացաւ

Նոյեմբեր 9-ին, Պրիւքսէլի մէջ, «Ֆլաժէ» մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է «Գրականութեան համար ԵՄ-ի մրցանակ» 2021-ի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ի նշանաւորում տասներեք երկիրներու դափնեկիրներուն: Անոնց շարքին է հայ տաղանդաւոր գրող Արամ Պաչեան, իր «P/F» փորձարարական վէպով:

Նախաձեռնութեան նպատակն է եւրոպական ժամանակակից գեղարուեստական գրականութեան ստեղծարարութեան եւ բազմազանութեան վրայ լոյս սփռել, Եւրոպայի մէջ գրական աշխատանքներու շրջանառումը խթանել եւ անդրազգային գրական աշխատանքներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն առթել:

Արամ Պաչեանի բացակայութեան, անոր անունով մրցանակը ստացած է Եւրոպական Միութեան մէջ ՀՀ ներկայացուչութիւնը:   

 

Լուրը՝  «Նոր Յառաջ»էն: