2024 թուականի Դեկտեմբեր 11-ին, Հայկազեան Համալսարանի Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնը ընթացք տուաւ իր տարեվերջի նախաձեռնութիւնը՝ “Լիբանանեան-Ամերիկեան Ընկերային Ծառայողներու Աշխատանքի Համագործակցութիւն: Լիբանանեան Ընկերային Ծառայողներու Զինում Անբարենպաստ Եւ Խոցելի Մարդոց Հետ Գործնականութեան Նպատակով” միջոցառմանը: Մուկար շէնքի Մաթոսեան ցուցասրահին մէջ, սեղմ շրջանակի մէջ կայացած ձեռնարկը մասնագիտացած ներկայ հասարակութեան կողքին ապահովեց առցանց լայն մասնակցութիւն:
Այս երկամեայ համագործակցային ծրագիրը, որ կը կատարուի Սամֆորտ համալսարանի (Պիրմինկհամ, Ալապամա, ԱՄՆ) հետ եւ ֆինանսաւորուած է Պէյրութի ԱՄՆ-ի Դեսպանատունէն նպատակ ունի զօրացնել Լիբանանի մէջ գործող ընկերային ծառայողներուն մասնագիտական աջակցութիւնը եւ հմտութիւնները՝ յատկապէս արտակարգ իրավիճակներու մէջ գործող անձերուն ծառայելու համար: Նախաձեռնութեան մէկ մաս կը կազմէ Ձեւաւորման Գնահատման հարցաթերթիկ մը եւ յետագայ հարցազրոյցներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն Լիբանանեան ընկերային ծառայողներու փորձառութիւնները, դժուարութիւնները եւ կարիքները: Այս գնահատումներու հիման վրայ կը մշակուին չորս շարունակական կրթութեան ուսումնական դասընթացքներ՝ կեդրոնանալով գործնական եւ հմտութիւններու զարգացման վրայ: Ծրագիրը կարեւոր կը նկատէ համագործակցութիւնը եւ յարատեւութիւնը՝ ներգրաւելով տեղական կառավարական մարմիններ եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններ:
Նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան երկու համալսարաններուն, ԱՄՆ-ի դեսպանատան, համապատասխան միութիւններու, կազմակերպութիւններու, սենտիքաներու ներկայացուցիչներ եւ ընկերային ծառայողներ, սկիզբ առաւ Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնի պատասխանատու Քրիսթոֆըր Գճըլեանի բացման խօսքով, որ ներկայացուց ծրագիրի ընդհանուր տեսութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին հիմնական զեկոյցները ներկայացուցին նախագիծի համահեղինակներ՝ դոկտոր Շաղիկ Խուտավերտեանն ու Պետրոս Գազազեանը Հայկազեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ դոկտորներ Տէյվիտ Սեսիլն ու Ռեյչլ Հէյկզը՝ Սամֆորտ համալսարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժինէն:
ԱՄՆ-ի դեսպանատան Հանրային Դիւանագիտութեան բաժինի Հասարակական Կապերու մասնագէտ, պրն. Էլի Ֆեռնէյնի, ներկայացուց իր դիտարկումները՝ որպէս նախագիծի դրամաշնորհի պաշտօնական ներկայացուցիչ:
Իր կարգին, Լիբանանի Ընկերային Ծառայողներու Սենտիքայի նախագահ՝ դոկտոր Տանիա Պատրանը շեշտեց սենտիքայի յանձնառութիւնը՝ խթանելու մասնագիտութիւնը շարունակական կրթութեամբ, պահպանելով բարոյական չափանիշները եւ իրագործելով նախաձեռնութիւններ, որոնք կը զօրացնեն ընկերային ծառայողները՝ արդիւնաւէտօրէն յաղթահարելու նորագոյն մարտահրաւէրները: Ան նաեւ շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանը՝ Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայութեան մասնագիտական մակարդակը բարելաւելու նախաձեռնութեան համար:
Շինիչ քննարկումներէ եւ հարցում-պատասխան նիստէն ետք, միջոցառումը փակուեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտոր Փօլ Հայտօսթեանի եզրափակիչ խօսքով:
Այս ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Պէյրութի ԱՄՆ-ի Դեսպանատան կողմէ:
Միրա Եարտըմեան
Հանրային Կապերու Տնօրէն