Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէ տարածուած յայտարարութիւնը, թէ իբր Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 7 յունիսին կրակած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին մամուլի հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի պաշտպանութեան բանակը։
«Ադրբեջանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը նաեւ հերթական ապատեղեկատւութիւնն է տարածել`յայտարարելով Ասկերանի, Մարտունու եւ Շուշիի շրջաններում իր կողմից իբրեւ թէ խափանուած եւ Պաշտպանութեան բանակի կողմից իրականացուող ամրաշինական աշխատանքների մասին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։