image

Հայկ Մարութեանը «Նոր ուժ» կուսակցութիւն պիտի հիմնէ

Հայկ Մարութեանը «Նոր ուժ» կուսակցութիւն պիտի հիմնէ

Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը յառաջիկային կուսակցութիւն պիտի հիմնէ։

Այն պիտի կոչուի «Նոր ուժ», հաստատած են Մարութեանի խումբէն։

Նոր ստեղծուող կուսակցութեան համագումարը տեղի պիտի ունենայ մայիս 1-ին։

Յիշեցնենք, որ փետրուարի սկիզբը Երեւանի աւագանիի մանթատէն զրկեցին «Ազգային առաջընթաց» խմբակցութենէն Հայկ Մարութեանը: Յեղափոխութենէն ետք «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի ցուցակով քաղաքապետ ընտրուած ու յետոյ իր խումբի կողմէ պաշտօնանկ արված Հայկ Մարութեանը յայտարարած էր նոր կուսակցութիւն հիմնադրելու ու հերթական խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին։