Հայաստանը պէտք է առաւելագոյնը մէկուկէս-երկու տարուան ընթացքին որոշէ իր աթոմային ուժանիւթի զարգացման հետագայ ձեւաչափը. այս մասին «Ռոսիա 24»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է «Ռոսաթոմ» պետական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեքսէյ Լիխաչովը:
«Հայաստանը պէտք է առաւելագոյնը մէկուկէս-երկու տարուան ընթացքին որոշէ իր աթոմային ուժանիւթի զարգացման հետագայ ձեւաչափը, Հայաստանը վաղուց աթոմային ուժանիւթի ակումբի անդամ է», -ըսած է Լիխաչովը։