image

Հայաստանը Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ռազմական կցորդ պիտի ունենայ

Հայաստանը Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ռազմական կցորդ պիտի ունենայ

Հայաստանը Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտիայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ռազմական կցորդ պիտի ունենայ:

Համապատասխան որոշման նախագիծը ներառվուծ է Կառավարութեան ապրիլ 12-ի նիստի օրակարգին մէջ։

Հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ ակնյայտօրէն պաշտպանութեան ոլորտի մէջ Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն համագործակցութիւնը կը շարունակէ տարուէ տարի ընդլայնիլ՝ աւելցնելով անգլերէնի ուսուցում անցնող ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու աշխատակիցներու թիւը, Միացեալ Թագաւորութեան աւագ եւ կրտսեր հրամանատարական կազմի ղեկավարութեան եւ առաջնորդութեան դասընթացները, ինչպէս նաեւ բազմազգ խաղաղապահ եւ ականազերծման փաթեթները, իւրաքանչիւր տարի փոխադարձութեամբ տեղի ունեցող պաշտպանական, ռազմավարական  եւ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւնները:

«Երկու երկրների միջեւ ռազմական եւ ռազմատեխնիկական ոլորտում առկայ համագործակցութեան մեծ ներուժը եւ բրիտանական՝ փոխգործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ վերջին ժամանակաշրջանում ցուցաբերած մեծ հետաքրքրութեամբ է պայմանաւորուած Միացեալ Թագաւորութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական կցորդ ունենալու անհրաժեշտութիւնը»,-ըսուած է հիմնաւորման մէջ։

Ռազմական կցորդն իր պարտականութիւններու կատարման պիտի անցնի 2025 թուականի յունուար 1-էն։