«Հայաստանը Ատրպէյճանին չէ փոխանցած ատրպէյճանական 8 գիւղերը, որոնք մինչ օրս կը գտնուին բռնագրաւման տակ»։ Այդ մասին ըսուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, հաղորդած է ԱՊԱ գործակալութիւնը։
Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն ետք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման մեծ հնարաւորութիւններ ստեղծուած են։
Ատրպէյճանական կողմը նշած է, թէ հակամարտութեան աւարտէն ետք իրենք իբր հանդէս եկած են յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան գործընթացի օգտին, բայց «Հայաստանն ընտրած է խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները խոչընդոտելու ուղին»:
«Հայկական կողմը, ի հեճուկս իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն, ոչ միայն Ատրպէյճանի տարածքէն դուրս չէր բերած իր զինուած ուժերը, որոնք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հիմնական սպառնալիքն էին, այլեւ շարունակած է անոնց նիւթական եւ ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրել, չէ դադրեցուցած զէնքի, ռազմական տեխնիկայի եւ ականներու ապօրինի տեղափոխումը Ատրպէյճանի տարածք: Հայաստանը Ատրպէյճանին չէ փոխանցած նաեւ ատրպէյճանական 8 գիւղերը, որոնք մինչ օրս կը գտնուին բռնագրաւման տակ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։