image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը Ատրպէյճանին փոխանցած է Գեղարքունիքի սահմանային հատուածին մոլորած զինուորը

Հայաստանը Ատրպէյճանին փոխանցած է  Գեղարքունիքի սահմանային հատուածին մոլորած  զինուորը

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը յուլիսին հատած՝ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը զինծառայող, շարքային Քամիզ Միւպարիզի Իպաեւը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջոցով փոխանցուած է ատրպէյճանական կողմին։ 

ՊՆ–էն  տեղեկացուցած են, որ վերջինիս կողմէ սահմանը հատելու պատճառներու պարզաբանմամբ պարզուած էր, որ ան մոլորուած է։ 

Շարքային Քամիզ Միւպարիզի Իպաեւը Գեղարքունիքի մարզի սահմանային գօտիին վրայ հայ դիրքապահները յայտնաբերած էին 23 յուլիսին՝ ժամը 13։30-ի սահմաններուն։