image

Հայաստանի «Թէժ ամառ»ը կը շարունակուի

Հայաստանի «Թէժ ամառ»ը կը շարունակուի

Հանգստեան օրերուն ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ եւս 2-4 աստիճանով։ 

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը կը շարունակէ գտնուիլ Արաբական թերակղզիի շրջաններէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ազդեցութեան գօտիէն ներս, ինչով պայմանաւորուած Արարատեան դաշտի, Արագածոտնիի, Վայոց ձորի նախալեռնային գօտիներուն եւ Երեւանի մէջ Յուլիս 16-21-ի ցերեկային ժամերուն օդի ջերմաստիճանը պիտի հասնի +39…+42 աստիճան։

Մայրաքաղաքին մէջ կիրակի ցերեկը կը սպասուի 42 աստիճան տաքութիւն, իսկ երեկոյեան 38։