image

Հայաստանի շուրջ 200 քառ. քմ տարածք հիմա ատրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան տակ է. Միրզոյեան

Հայաստանի շուրջ 200 քառ. քմ տարածք հիմա ատրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան  տակ  է. Միրզոյեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին յայտնի է Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ 200 քառ. քիլոմեթր տարածք, որ այս պահուն կը գտնուի ատրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ: Արարատ Միրզոյեանն այս մասին ըսած է պետական պիւտճէի նախագիծի նախնական քննարկումներու նիստին:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիսթինէ Վարդանեանի հարցին, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն քանի՞ քառ. քիլոմեթր տարածք բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ, նախարար Միրզոյեանը պատասխանած է.

«Մենք ունենք դեռ 1990-ականներից Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք՝ Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ գտնուող: Նաեւ ունենք այս թարմ օրինակները, ինձ յայտնի է այդպիսի շուրջ 200 քառ. կմ ՀՀ տարածք, որոնք հիմա գտնւում են ադրբեջանական ուժերի ներքոյ»: