Հարաւէն արեւադարձային տաք օդի ալիքի ներթափանցմամբ պայմանաւորուած՝ օգոստոս 1-6-ին Արարատեան դաշտի, Վայոց ձորի նախալեռներուն, Սիւնիքի հովիտներուն եւ Երեւանի մէջ կը սպասուի բարձր ջերմային ֆոն․ ցերեկը ժամը 16։00-17-00-ն ինկած ժամանակահատուածին՝ +39․․․+41 աստիճան տաքութիւն։
Նշուած հատուածներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արագածոտնի եւ Կոտայքի նախալեռներուն մէջ առաջիկայ 5 օրերուն կը սպասուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ։
Երեւանի մէջ՝
Օգոստս 1-ի ցերեկը, 2-6-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Երեկոյեան ժամերուն կը սպաուի քամիի ուժգնացում՝ 12- 15 մ/վ արագութեամբ։
Մարզերուն մէջ օգոստոս 1-ին եւ 2-ին կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։ Օգոստոս 3-6-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին՝ արեւմտեան 2-5մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վ արագութեամբ։ Օգոստոս 1-6-ին երեկոյեան ժամերուն Արմաւիրի, Կոտայքի եւ Արագածոտնի նախալեռներուն մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-18 մ/վ արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանն էապէս պիտի չփոխուի։