image

Եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, ուղղաթիռով ալ անհրաժեշտ պարագաներ կը տեղափոխուին. Սանոսեան

Եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, ուղղաթիռով ալ անհրաժեշտ պարագաներ կը տեղափոխուին.  Սանոսեան

Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ այսօր արդէն իսկ ջուրի նուազում կայ, ու այն խնդիրները, որոնք երէկ տեսանելի չէին ջուրի բարձր մակարդակի պատճառով, այսօր տեսանելի են, որ հնարաւորութիւն կու տայ այլ ուղղութիւններով եւս աշխուժ աշխատանքներ իրականացնել։ Արագ արձագանգման շտաբի քննարկումէն ետք լրագրողներուն այս մասին ըսած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը։

«Գիշերը նաեւ կարողացանք համապատասխան տեխնիկան հասցնել Ախթալայի ուղղութեամբ, որտեղ մեր 5 բնակավայրեր կտրուած էին կամուրջների փլուզումների պատճառով։ Այստեղ ունէինք դաշտային 5.5 կմ ճանապարհ, որը հիմա բետոնապատում ենք, որ անցանելի դառնայ` մինչեւ կը վերականգնենք կամուրջները։ Ընդհանուր 17 կամուրջ ունենք փլուզուած»,– նշած է նախարարը։

Ան նաեւ ըսած է, որ գործընկերներու հետ քննարկած են, եւ անհրաժեշտութեան պարագային ուղղաթիռով եւս կը կարողանան սնունդ կամ այլ անհրաժեշտ պարագաներ տեղափոխել աղէտի գօտի։

Սանոսեանը տեղեկացուցած է` քանի որ ջուրի մակարդակն արդէն իջած է, բնակելի տուներու բակերուն մէջ եղած ջուրը կրնան փոմփերով դուրս մղել։

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարն ըսած է, որ Այրումէն ետք դէպի Բագրատաշէն գացող հատուածին մէջ, ուր մայիս 26–ին ամբողջ օրը ջուրը կը հոսէր, հիմա ջուրի մակարդակը իջած է, ճանապարհը բացուած է, մաքրման աշխատանքներ կը տարուին։

«Աշխատել ենք Վրաստանի եւ ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէի մեր գործընկերների հետ, ու Բագրատաշէնի պետական սահմանի անցակէտը կը բացենք»,–ըսած է Գնել Սանոսեանը։

Անոր խօսքով` Տաւուշի մէջ 1000 բնակիչ, իսկ Լոռիի մէջ` 2500 բնակիչ այս պահուն չունին ելեկտրականութիւն, կան նաեւ բնակավայրեր, որոնք ամբողջական կամ մասնակի կազի մատակարարում չունին։

«Կարճ ժամանակում կը փորձենք ամէն ինչ վերականգնել»,– վստահեցուցած է նախարարը։

Ան աւելցուցած է, որ այս պահուն մէկ անհետ կորսուած անձ յայտնաբերուած է։

Աւելցնենք, որ ՆԳՆ վերջին տուեալներով՝ մայիս 26-ին տեղատարափ անձրեւէն ետք Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ առաջացած հեղեղումներու հետեւանքով տարբեր բնակավայրերէ տարհանուած է 269, փրկուած` 120 մարդ (347 մարդ՝ Լոռիի մարզի մէջ, 42 մարդ՝ Տաւուշի մարզի մէջ):

Ճանապարհային բաժանմունքի հիմնադրամը վարորդները կը յորդորէ դէպի Վրաստանի սահման ուղեւորուելու ժամանակ Մ-6-ը շրջանցել Մ-3 Մարգարա-Վանաձոր-Տաշիր-ՀՀ սահման եւ Մ-1 Երեւան-Գիւմրի-ՀՀ սահման միջպետական ճանապարհներով։

Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ փակ են Վանաձոր–Ալավերդի–Այրում–Բագրատաշէն եւ Դիլիջան–Իջեւան երթուղիները։