Հայաստանի մէջ «Կապիկի ծաղիկ» հիւանդութեան դէպք չէ գրանցուած, իսկ ներթափանցման եւ հետագային տարածման վտանգը կը համարուի ցած: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը:
14 օգոստոսին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) վերջին երկու տարուան մէջ արդէն երկրորդ անգամ յայտարարած է հանրային առողջապահութեան ոլորտին մէջ միջազգային նշանակութեան արտակարգ իրավիճակ, ինչ որ պայմանաւորուած է Քոնկոյի եւ Ափրիկէի որոշ երկիրներու մէջ «Կապիկի ծաղիկ» հիւանդութեան դէպքերու աճով, ինչպէս նաեւ` սեռական ճանապարհով փոխանցուող ժահրի նոր շճախումբի տարածմամբ:
Նախարարութենէն ներկայացուցած են, թէ ինչ է «Կապիկի ծաղիկ»ը:
Այն ժահրային ծագումով հիւանդութիւն է, որ հիմնականին կ'արձանագրուի Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի որոշ երկիրներու մէջ:
Ժահրը կը փոխանցուի կա՛մ վարակուած կենդանիի կծելէն, կա՛մ վայրի կենդանիի միսն ու մորթը օգտագործելէն, հազուադէպ՝ մարդու կամ ժահրով բաղարկուած նիւթի հետ շփումէ: Ժահրն օրկանիզմ կը թափանցէ վնասուած մաշկի, շնչառական ուղիներու կամ լորձաթաղանթներու (աչք, քիթ, բերան, սեռական ուղի) միջոցով:
Գաղտնի շրջանը 5-21 օր է: Ախտանշաններն են՝ տենդ, սաստիկ գլխացաւ, լիմֆատիկ հանգոյցներու մեծացում, ցաւ մէջքի շրջանը, մկանացաւ, արտայայտուած թուլութիւն:
Տենդի սկիզբէն 1-3 օր անց ի յայտ կու գայ ցանաւորումը, որ կը սկսի դէմքի շրջանէն, ապա կը տարածուի մարմնի տարբեր հատուածներ:
Հիւանդութիւնը սովորաբար թեթեւ կ'ընթանայ, շատերը կը վերականգնուին քանի մը շաբթուան ընթացքին, սակայն որոշ դէպքերու կրնայ յանգեցնել բարդութիւններու եւ նոյնիսկ մահուան (մահաբերութիւնը 0-11%):
Ապացուցուած է, որ նախապէս բնական ծաղիկի դէմ կատարուած պատուաստումը 85 %-ով արդիւնաւէտ է նաեւ «Կապիկի ծաղիկ» հիւանդութեան համար։ Ներկայիս ԱՀԿ-ի կողմէ հաստատուած երկու պատուաստանիւթ կ'օգտագործուի այս հիւանդութեան դէմ:
Նախարարութենէն կը շեշտեն, որ կանխարգիլելու համար պէտք է ըլլալ իրազեկուած, պահպանել ձեռքերու առողջապահական կանոնները, բացառել ցանաւորում ունեցող անձերու հետ շփումը, Ափրիկէ ճամբորդելու ատեն կամ այնտեղէն վերադարձած անձի հետ շփումէն յետոյ մաշկի ցանաւորման եւ այլ ախտանշաններու ի յայտ գալու պարագային անմիջապէս դիմել վարակաբանի: