«Քովիտ»ի «Օմիքրոն» շտամով վարակուած 3 երեխայ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ են, 190 երեխայ հիւանդանոցային պարագայ են: Այս մասին յայտնած է Առողջապահութեան նախարարութեան խորհրդատու մանկաբուժութեան գծով Սերկէյ Սարգսեանը:
Անոր խօսքով, Յունուար-Փետրուարին երկու շաբթուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ մինչեւ 18 տարեկան երեխաներու շրջանին մէջ «Քովիտ»ի 39.189 դէպք գրանցուած էր, որոնք հաստատուած էին ՊՇՌ եւ արագ քննութիւններով: Յաջորդ երկու շաբաթներու ընթացքին դէպքերուն թիւը քիչ մը նուազած էր:
Մասնագէտը յիշեցուց, որ «Օմիքրոն»ը աւելի յաճախ կ'ախտահարէ երեխաները եւ հիմնականին մէջ կ'առաջացնէ վերին շնչուղիներու ախտահարումներ:
Երբեմն «Օմիքրոն»ով վարակուած երեխաներու մօտ այսպէս կոչուած «կռուփ» կը զարգանար, որ դժուար կը կառավարուէր: Յաճախ կը զարգանային նաեւ պռոնխիտներ, աղեստսամոքսային խանգարումներ, ցան, որոշ պարագաներու` նաեւ մենինկիտ:
Մասնագէտին խօսքով` «Քովիտ»ի այս շտամը երեխաներուն մօտ աւելի յաճախ շնչուղիներու վերին հատուածներուն մէջ կը «կեդրոնանար», չէր հասներ թոքեր, այդ իսկ պատճառով, թոքաբորբերու դէպքերը շատ չեն:
Սակայն, մասնագէտին խօսքով, շատ կարեւոր է պարզել, թէ երեխաներուն վրայ այս ժահրը ինչ երկարատեւ ազդեցութիւն կ'ունենայ: Կայ կարծիք, որ ապաքինուելէ յետոյ երեխաներուն մօտ կրնան յաճախանալ ժահրային այլ վարակները: