Այսօրուընէ կրնանք համարել, որ Հայաստնաի մէջ կլիմայական գարուն է: Այս մասին ֆէյսպուքով գրած է ՀՀ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան «Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինկի կեդրոն»ի տնօրէնի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեանը:
«Թող այն խաղաղութիւն եւ բերրիութիւն բերի մեր երկրին եւ աշխարհին», գրած է Սուրէնեանը:
Նշենք, որ Հայաստանի տարածքին Մարտ 30-ին, 31-ի ցերեկը, Ապրիլ 1-2-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Մարտի 31-ի գիշերը եւ առաւօտեան առանձին շրջաններուն մէջ կը սպասուին տեղումներ:
Օդի ջերմաստիճանը Մարտ 31-ին, Ապրիլ 1-2-ին աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 13-16 աստիճանով:
Երեւանի մէջ Մարտ 31-ին, Ապրիլ 1-2-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: