Այսօր երեկոյեան ժամերուն եւ Նոյեմբեր 11-ին Սքանտինավիան շրջաններէն ցուրտ մթնոլորտային ճակատի ներխուժմամբ պայմանաւորուած` Հայաստանի տարածքի մեծ մասին կը սպասուին տեղումներ, լեռնային եւ նախալեռնային գօտիներուն մէջ` ձիւնի տեսքով։
Մասնաւորապէս` ձիւնի առատ տեղումներ կը սպասուի Կոտայքի, Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի լեռնային ու նախալեռնային գօտիներուն մրջ։
Օդի ջերմաստիճանը Նոյեմբեր 11-ին բոլոր մարզերուն մէջ պիտի նուազի 10-12 աստիճանով։