image

Փարիզի մէջ. Երիտասարդ Հայուհի՝ Զարուհի Օտապաշեան մահացած է հիւանդութեան հետեւանքով

   Փարիզի մէջ. Երիտասարդ Հայուհի՝ Զարուհի Օտապաշեան  մահացած է հիւանդութեան հետեւանքով

Օրերս Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երիտասարդ հայուհի Զարուհի Օտապաշեանը։

Միութենական ամենատարբեր գործունէութիւններ ծաւալած մեր հայրենակցուհին մահացած է ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց ՀԵՄ-ի Երուսաղէմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները կը գուժեն մահը Միութեանս անդամ ընկերուհի Զարուհի Օտապաշեանի որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 28 Յուլիս 2024-ին Ֆրանսիայի մէջ հիւանդութիւնէ ետք։ 

Ընկերուհի Զարուհի Օտապաշեանը ծնած է Երուսաղէմ, եղած է Միութեանս անդամ եւ սկաուտական շարժման արենուշ խումբի աշխույժ անդամ։ Ան աղջիկն է Միութեանս նախկին ատենապետ հանգուցեալ ընկեր Մարտիկ Օտապաշեանի։ Օր. Զարուհին երկար տարիներ գործած է Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ ու վարած պատասխանատու պաշտօններ։

Այս առթիւ ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Օր. Զարուհիի Մօր ընկերուհի Լուսին Օտապաշեանի, քրոջը Միութեանս փոխ-ատենապետ Վիքի Օտապաշեանի, քրոջը Սեզա Պօյաճեանի եւ եղբորը Ճօրճ Օտապաշեանի ինչպէս նաեւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։