Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար այլեւս որեւէ խոչընդոտ չկայ:
Ինչպէս հաղորդած է ԱՊԱ-ն, այս մասին նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է նոյեմբեր 22-ին, ընդունելով Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթը:
«Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ երկխօսութեան՝ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու եւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար»,-ըսած է Ալիեւ։