Իրան եւ Հայաստան պայմանաւորուած են կրկնապատկել բնական կազի ծաւալը, որ Իրանը կը վաճառէ Հայաստանին եւ երկարաձգել կազի առեւտուրի համաձայնագիրը մինչեւ 2030 թուական, գրած է իրանեան Mehr գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Oil Price-ի տեղեկութիւններուն:
Հայաստան իր բնական կազի հիմնական մասը կը ստանայ Ռուսիայէն։ Սակայն Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները կը խարխլին, եւ Երեւանը շուտով աւելի շատ այլընտրանքներ կ'ունենայ, նկատած է աղբիւրը:
Գործարքը կայացած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Թեհրան կատարած այցի ընթացքին։ Փոխըմբռնման յուշագիրը 1 նոյեմբերին ստորագրած են Իրանի նաւթի փոխնախարար, Իրանի կազի հարցերով փոխնախարար Մաճիտ Չեկենին եւ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը։
Ներկայիս Հայաստան Իրանէն տարեկան կը ներկրէ մօտ 365 միլիոն խորանարտ մեթր բնական կազ։
«Այժմ մենք օրական Հայաստան կ'արտահանենք 1 միլիոն խորանարտ մեթր կազ, որ նոր յուշագրի հիման վրայ պիտի կրկնապատկուի»,- ըսած է Չեկենին։
Երկու կողմերը ուժանիւթի առեւտուր կը կատարեն՝ հիմնուելով 2006 թուականի կազի դիմաց ելեկտրական ուժանիւթ փոխանակման համաձայնագրի վրայ. Հայաստանը Իրանէն կը ստանայ մէկ խորանարտ մեթր կազ՝ Հայաստանի ջերմաելեկտրակայաններու արտադրած երեք քիլոուաթ ժամ ելեկտրական ուժանիւթի դիմաց։
Իրան եւ Հայաստան 2022 թուականի 1 նոյեմբերին ստորագրած են ուժանիւթային ոլորտի մէջ տնտեսական համագործակցութեան փոխըմբռնման յուշագիր։
Երբ Իրանն ու Հայաստանը ստորագրեցին նշեալ յուշագիրը, Իրանի նաւթի փոխնախարարը ըսած է, որ ապագային Հայաստան կազի արտահանումը պիտի կրկնապատկուի։