Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է իր վրացի գործընկեր Իրաքլի Չիքովանին, յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Հանդիպման ընթացքում բարձր է գնահատուել համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը։ Քննարկուել են պաշտպանութեան բնագաւառում Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեանը եւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող հարցեր»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպման աւարտին Պապիկեանն ու Չիքովանին ստորագրած են Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ 2024-ի համագործակցութեան ծրագիրը։