image

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հրդեհ է. Ֆրանսայի սենատէն կոչ

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հրդեհ է. Ֆրանսայի սենատէն  կոչ

Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատի՝ Սենատի պաշտօնական կայքէջին, Սենատի`Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ միջազգային իրազեկման խումբի նախագահ, «Հանրապետականներ» խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Ռըթայոյի գլխաւորութեամբ Հայաստան գտնուող պատուիրակութեան նախաձեռնութեամբ, հրապարակուած է «Լաչինի միջանցքի արգելափակում. Հայաստանի  եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրդեհ է, իսկ միջազգային հանրութիւնն իր հայեացքն ուղղած է այլ ուղղութեամբ» խորագրով կոչ-ուղերձը։

«Արէնփրէս»ը ներկայացուցած է կոչ-ուղերձի ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը.

«Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցելու նպատակով ապրիլ 22-էն 25-ը Հայաստան գտնուող Սենատի՝ Արեւելքի քրիտոնեաներու հետ կապերու հարցով խումբի նախագահ Պրիւնօ Ռըթայոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են խումբի փոխնախագահ Քաթրին Մորին-Տեսէյին, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազը եւ խումբի փոխնախագահ Քրիսթին Լաւարտը,  ապրիլ 23-ին այցելած է Տեղ համայնք, ուր, Հայաստանի տարածքին մէջ, ապրիլ 11-ին տեղի ունեցած էր մահացու փոխհրաձգութիւն։

«Մենք եկեր ենք այստեղ պահանջելու անյապաղ վերացնել Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը՝ ազատելով Լեռնային Ղարաբաղի անկլաւի մէջ սարսափելի պայմաններու մէջ յայտնուած 120.000 հայերը եւ վերականգնելով Հայաստանի հետ կապը։ Ի՞նչ իմաստ ունի ոգեկոչել 1915-ի ցեղասպանութիւնը, եթէ աչք կը փակենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող էթնիքական եւ կրօնական զտումներու վրայ»,- յայտարարած է Պրիւնօ Ռըթայոն Տեղ համայնքի մէջ համայնքապետի եւ Սիւնիքի մարզպետի հետ համատեղ կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքին։

«Մենք մտավախութիւն ունինք, որ ատրպէյճանական զօրքերու կողմէ անցակէտի ստեղծումը Լեռնային Ղարաբաղ տանող նոր ճանապարհի սկզբնամասին՝ Հակարիի կամուրջի վրայ, որ դրուած է ռուսական խաղապահ ուժերու պատասխանատւութեան ներքոյ, կրնայ ըլլալ ինչ-որ լայնածաւալ գործողութեան նախերգանք, որ կը յանգեցնէ Լաչինի միջանցքի անշրջելի փակման»,-աւելցուցած է ան։

Մինչ Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան ընթացիկ շաբթուան վերջը պէտք է այցելէ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներ, Սենատի անդամները կոչ կ'ընեն Ֆրանսային խստօրէն դատապարտելու միջազգային իրաւունքի այս նոր խախտումը։ Անոնք Եւրոմիութենէն կը պահանջեն խիստ պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի դէմ։

«Տեղին է պահանջել միջազգային արդիւնաւէտ միջդիրքային ուժի ստեղծում եւ իր սահմանների յարգման եւ ինքնապաշտպանութեան նպատակով Հայաստանին միջոցների տրամադրում», - եզրափակած է բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազը։