image

Հայաստանի բանակը նոր ուղղաթիռներով համալրուեցաւ

Հայաստանի  բանակը  նոր ուղղաթիռներով համալրուեցաւ

Հայկական օդային ուժերը համալրուած է նոր ժամանակակից բազմագործօն ուղղաթիռներով, որոնք նախատեսուած են կրակային, փոխադրական եւ առողջական խնդիրներու լուծման համար։

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ուղղաթիռներու փոխանցման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Յունուար 25-ին՝ «Էրեբունի» օդակայանին մէջ։