image

Հայաստանի 14 շրջաններու մէջ ձիւնաթափ է

Հայաստանի  14 շրջաններու մէջ ձիւնաթափ է

Հրազդանի, Սեւանի, Գաւառի, Մարտունիի, Վարդենիսի, Ճամբարակի, Արագածի, Թալինի, Արարատի, Վայքի, Ջերմուկի, Սիսիանի, Գորիսի, Մեղրիի տարածաշրջաններուն մէջ ձիւն է, իսկ Աբովեանի, Նայիրիի տարածաշրջաններուն մէջ` ձիւնախառն անձրեւ:

Վարդենեաց լեռնանցքը կցորդով փոխադրամիջոցներու համար փակ է, իսկ միւս տեսակի փոխադրամիջոցներուն համար` դժուարանցանելի:

Սիսիանի տարածաշրջանի` Գորայքէն դէպի Ծղուկ ճանապարհահատուածը դժուարանցանելի է:

Միջպետական եւ հանրապետական նշանակութեան բոլոր ճանապարհները բաց են: