image

Հայաստան ներմուծուող սուրիական ինքնաշարժները զերծ պիտի մնան մաքսային տուրքերէ

Հայաստան ներմուծուող սուրիական ինքնաշարժները զերծ պիտի մնան մաքսային տուրքերէ

Կառավարութեան այսօրուան կայացած նիստի ժամանակ որոշուեցաւ կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն 233,365.0 հազար դրամ յատկացնել Պետական եկամուտներու կոմիտէին՝ ազգութեամբ հայ Սուրիոյ քաղաքացիներու կողմէ ներ­մուծ­ուած ինքնաշարժներու մաքսային վճարներու եւ օրէնքով սահմանուած կարգով մաքսային մարմիններուն վճարման ենթակայ այլ վճարները հոգալու համար:

Այս գումարէն հարկային եկամուտներու եւ պետական տուրքի գիծով հաշուարկուած է  231,223.0 հազար դրամ, մաքսավճարի գիծով` 2,142.0 հազար դրամ:

Նախագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ նպատակն է աջակցութիւն ցուցաբերել պատերազմական իրադարձութիւններու հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած բազմաթիւ սուրիահայերու: