image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան մտադիր է Հնդկաստանէն գնել «Աքաշ» տիպի հրթիռային համակարգեր

Հայաստան մտադիր է  Հնդկաստանէն գնել «Աքաշ» տիպի հրթիռային համակարգեր

Հայաստանը Հնդկաստանէն կը ծրագրէ գնել «Աքաշ» փոքր հեռահարութեան զենիթահրթիռային համակարգեր խոցելի տարածքներն ու կէտերը օդային յարձակումներէն պաշտպանելու համար։ Այս մասին գրած է «EurAsianTimes»ը։

Նշուած է, որ այս տեղեկութիւնը պաշտօնապէս չէ հաստատուած, սակայն փաստաթուղթերը հնարաւորութիւն կու տան ենթադրելու, որ այդ սպառազինութեան պատուէրն արդէն եղած է։

«Աքաշ» համալիրը կրնայ միաժամանակ քանի մը թիրախներ ոչնչացնել խմբային կամ ինքնավար ռեժիմով։ Համալիրները շարժական են եւ կրնան խոցել ուղղաթիռներ, ԱԹՍ–ներ եւ այլ սարքեր, որոնք կը թռին 4–25 քիլոմելր շառաւիղով։

«Կ՚ենթադրուի, որ «Աքաշ» զենիթահրթիռային համակարգերու պատուէրներն արդէն ստացուած են, եւ Հայաստանը կը դիտարկուի որպէս արտահանման ամենահաւանական ուղղութիւն»,–գրած է կայքը:

2022 թուականի հոկտեմբերին հաղորդուած էր, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Հնդկաստանէն անօդաչու թռչող սարքերու եւ «Աքաշ» համալիրի ձեռքբերմամբ։

Բացի այդ, հաղորդուած է, որ Հնդկաստանը Հայաստանին պիտի մատակարարէ 41,5 մլն տոլար արժողութեամբ հակատրոնային համակարգ։

Հնդկաստանի կողմէ արտահանուող զէնքերն արդէն ընդգրկուած են երկրի զինուած ուժերու սպառազինութեան մէջ, որ կը վկայէ ադոնց արդիւնաւէտութեան մասին, իսկ Հայաստանը դարձած է հնդկական զէնքի խոշորագոյն ներկրողներէն մէկը։