image

Ամօթի նամակ

Ամօթի նամակ

Սիրտիս մէջ կայ երկուութիւն մը, որ անդուլ պայքարի մէջ կը դնէ էութիւնս, առանց վերջնական յաղթանակող մը վճռելու: Ինչքա՛ն հպարտ եմ, որ երակներէս հայու արիւն կը հոսի, սակայն նոյնքան ապերջանիկ կը զգամ այդ իրողութեան դիմաց. յուսահատ ու սրտաբեկ եմ ու յաճախ ես ալ Փոլատեանի նման կ՚ուզեմ բարձրաձայնել. կը հրաժարի՛մ հայութենէս...:

Մեր ազգին մէջ կան անբուժելի այնպիսի ցաւեր, որոնց դիմաց յաճախ մարդ կ՚ուզէ օտարանալ՝ ամբողջութեամբ անիրազեկ դառնալու անոնց գոյութեան. անիրազեկ դառնալը լուծում մը պիտի ըլլա՞ր այդ դժբախտ ճշմարտութիւնները փոխելու՝ վստահաբար ոչ, սակայն, ինչքա՜ն պիտի ուզէի անոնց դիմաց հնդիկ կամ գերմանացի դառնալ, պարզապէս չզգալու եւ անգիտակ ըլլալու համար:

Այս բոլոր զգացումները կ՚ապրիմ, երբ կը կարդամ «նահատակ»ի մը՝ հայ գրող եւ երգիծաբան Լեռ Կամսարի դիմում նամակը Հայաստանի գրողներու միութեան վարչութեան անդամներուն ուղղուած. նահատակ, որ ո՛չ թէ անապատներուն մէջ, այլ երկիր մոլորակին վրայ նահատակ դարձաւ՝ դառնալով հայ լեզուի եւ գրականութեան մշակ: Լեռ Կամսարի այդ նամակը կարելի է պարզապէս կոչել «Ամօթի նամակ» մը, որ ուղղուած է ո՛չ թէ լոկ Գրողներու միութեան վարչութեան, այլ ընդհանուր հայ ժողովուրդին. Լեռ Կամսար իր այս նամակը 70 տարեկան հասակին կը գրէ ու կը պարզէ մեր ազգի գնահատանքն ու արժեւորումը հայ լեզուի ու գրականութեան մշակի մը հանդէպ. կը կարդանք նամակի սկիզբը.

«Յարգելի ընկերներ,

Քառասունհինգ տարուայ ստաժով հայ գրող եմ ես. որից քսան տարին՝ ամենաբեղուն շրջանը իմ կեանքի, զոհ գնաց մի ցաւալի թիւրիմացութեան, որն ափսոսալու համար բառեր չեմ գտնում:

Քսան տարի ետ եմ մնացել: Ու այժմ, երբ կորուստը դարմանելու համար կամենում եմ քայլերս արագացնել՝ տեսնում եմ, որ ոտներիս մէջ ուժ չկայ: Ուժ չկայ ոչ նրա համար որ 70-ի մօտ հիւանդ մարդ եմ, այլ ուժ չկայ որովհետեւ... քաղցած եմ:

Հայ գրական ասպարէզում «քաղցածութիւն»ը անսովոր տերմին մը չէ եւ շատ գրողներ են քաղցած մեռել»:

Հիմա նստած այս սպիտակ թուղթին դիմաց կը մտածեմ, թէ ինչպէս մեծ գրողը իր «քաղցած» վիճակին, գրիչը ձեռքին ստիպուած կը գրէր այս տողերը, որոնք թէ՛ իրեն եւ թէ մեր ամբողջ ազգին համար ամօթէ մը բացի ուրիշ բան չէ. կարծես Լեռ Կամսար եւս տեղ մը համոզուած էր, որ քաղցած մեռնիլը հայ գրականութեան մշակին արժանի աւարտն էր եւ այդ համոզումը մահուան գաղափարին հետ հաշտուելու ամենէն դաժան ձեւերէն մէկն է պարզապէս:

Նամակի շարունակութիւնը նոյնքան ցնցիչ է, ինչքան սկիզբը.

«Իմ գրական գործունէութեան ողջ ընթացքին ես աջ ձեռքով գրել եմ, ձախով պայքարել կեանքի համար: Իսկ այն դէպքում, երբ կարիքը վիզս փաթաթած օղակը աւելի է սեղմել, ես գրիչս տուել եմ ձախ ձեռքիս եւ աջով պայքարել ու երազել այն ժամանակի մասին, երբ ինձ էլ կը յաջողուի երկու ձեռքերով գրասեղանիս առաջ նստիլ՝ մէկով թուղթը բռնել, որ չսահի, միւսով ազատ գրել»:

Լեռ Կամսար իր նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ հակառակ իր յառաջացած տարիքին տակաւին ունի բազմաթի՜ւ չըսուած միտքեր եւ ամէն գնով կ՚ուզէ իր մահէն առաջ այդ բոլոր միտքերը յանձնել աշխարհին եւ գերեզման տանիլ միայն իր դիակը՝ որ իր բառերով «ոչ ոքի հարկաւոր չէ». այս երազը իրագործելու եւ միւս գրողներու դժբախտ ճակատագրին չարժանանալու համար Լեռ Կամսար շատ բան չի խնդրեր. Գրողի բառերով այս է ուզուածը. «մի քանի կաթիլ ձէթ մարող ճրագի մէջ...»:

Հայ լեզուի ու գրականութեան մշակին այս վիճակին մէջ յայտնուիլը ամօթ մը... սակայն այսքանով չի՛ վերջանար. Լեռ Կամսարի դիմաց կը բերուի աւելի քան երեսուն-քառասուն տարի առաջ Լենինի մասին գրած մէկ երգիծական տողերը. Լեռ Կամսար կը գրէ, թէ Նիքոլայ ցարը հետեւեալը կը գրէ Լենինին. «Մինչեւ օրս ես մտահոգուած էի, թէ ինձմէ յետոյ պիտի չըլլայ մէկը, որ շարունակէ իմ բռնակալ քաղաքականութիւնը: Այսօր, սակայն, կը տեսնեմ, որ յանձինս քեզ ես ունիմ իմ արժանաւոր ժառանգը»: Այս տողերով Լեռ Կամսար կը «խայթէր» Լենինը՝ զինք բռնակալ մը նկատելով: Սակայն քաղցածութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ յաճախ, որ մարդ իր սեփական գաղափարներն անգամ ուրանայ. Լեռ Կամսար կը գրէ. «ես 40 տարի առաջ Լենինը չէի ճանչնար. հիմա հաստատ կ՚ըսեմ, որ ան մեծ մարդ էր, կը սիրէր հայ ժողովուրդը...»:

Այսօր այս թշուառ գրողի ծննդեան 136 ամեակն է. կ՚ուզէ՞ր արդեօք դարձեալ լոյս աշխարհ գալ որպէս հայ գրող... կը կասկածիմ:

 

Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...