image

Պաքուի դատարանը երկարաձգած է Ռուբէն Վարդանեանի կալանքի ժամկէտը

Պաքուի դատարանը երկարաձգած է Ռուբէն Վարդանեանի կալանքի ժամկէտը

Պաքուի դատարանը երկարաձգած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի կալանքի ժամկէտը, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ:

2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած զանգուածային ռազմական յարձակման հետեւանքով անոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են, տարուած Պաքու։ Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է «ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներ ու խմբաւորումներ ստեղծելու, ահաբեկչութեան նպատակով վարժանքներ կայացնելու» համար։

Այժմ Պաքուի մէջ ապօրինի կալանքի տակ կը պահուին նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը եւ Զինուած ուժերու շտաբի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեանը:

Օրերս ատրպէյճանական կողմը երկարաձգած էր նաեւ Արցախի միւս պաշտօնեաներու կալանքի ժամկէտները։