Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը ներկայ գտնուած է Աթենքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Յունահայոց թեմի առաջնորդ` Գերաշնորհ Տէր Խորէն եպիսկոպոս Առաքելեանի մատուցած եպիսկոպոսական առաջին պատարագին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Նոյեմբեր 24-ին Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը ներկայ գտնուած է Աթենքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Յունահայոց թեմի առաջնորդ` Գերաշնորհ Տէր Խորէն եպիսկոպոս Առաքելեանի մատուցած եպիսկոպոսական առաջին պատարագին։
Պատարագին մասնակից եղած է Ուքրինիոյ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ`Գերաշնորհ Տ. Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը։