image

Համահայկական աղօթք Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ

Համահայկական աղօթք Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ

Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ համընդհանուր աղօթք պիտի հնչէ գերիներու համար։

Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նոյեմբերի 10-ին Սուրբ Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի համահայկական աղօթք:

Հայոց հայրապետի կոչով աղօթք պիտի հնչէ արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մասնաւորապէս Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած, գերեվարուած եւ Պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար պահուող զինծառայողներու, քաղաքացիական անձանց եւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու համար։