image

Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան դէպի խաղաղութիւն. ԱՊՀ-ի Ընդհ. Քարտուղար

Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան դէպի խաղաղութիւն. ԱՊՀ-ի Ընդհ. Քարտուղար

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կ՚ընթանան դէպի խաղաղութիւն. այս մասին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, յայտարարած է Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) Ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւը:

«Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կ՚երթան դէպի խաղաղութիւն: Ուրախ կ՚ըլլանք, եթէ համաձայնագրի ստորագրման մասին յայտարարութիւնները յաջողութեամբ պսակուին», -ըսած է Լեպետեւը։

Նշենք, որ Անկախ պետութիւններու Համագործակցութեան Ընդհանուր քարտուղար եւ Անկախ պետութիւններու Համագործակցութեանդիտորդական առաքելութեան ղեկավար Սերկէյ Լեպետեւն այս օրերուն կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ՝ հետեւելու արտահերթ նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին: